Շահան Նաթալի. «Թուրքերը եւ Մենք»

ՄԻԱԲԱՆԵԱՅ

Շահան Նաթալի. «Թուրքերը եւ Մենք»
Շահան Նաթալի. «Թուրքերը եւ Մենք»

Հազար հազար տարիներ, հրէական աւանդագիրքի — Աստուածաշունչի — Ծննդոցը, իբր աղօթագիրք գլխահակ կարդաց Հայ ժողովուրդը եւ ծնկաչոք չափեց անապատները, առանց գոնէ մէկ անգամ ստեղծելու իր Մովսէսը, որ ճեղքէր ծովը ու առաջնորդէր զայն, արձանագրելու համար հայկական «Ելից»֊ը։

Հազար հազար տարիներ, Հայը կարդաց զայն բարձրաձայն ու աղօթեց բազկատարած, բայց չկրցաւ բաղդատութեան դնել Փարաւոններու նախճիրները Սուլթաններու արիւնատօներուն հետ, եւ եզրակացնել, թէ եթէ եգիպտական զարհուրանքները ծնան Մովսէսն ու Տասնաբանեան, ինչպէ՞ս թրքական արհաւիրքները չծնան մէկ Մովսէս, որ տար գոնէ միաբանեան։

Գուցէ թրքական զարհուրանքները այնքան ուժգին էին, որ հայ արգանդը մէկ սաղմ անգամ արգասաւորելու կարողութենէն զրկեցին։ Գուցէ։

Եթէ սակայն, փաստն այդ է, վա՜յ այս ժողովուրդին, որ հինցած առաքինութիւններու փոխասացութեան ծիծաղելիութիւնն ունի իբր հոգեւարքային հծծիւն։

Բայց ես, որ կը հաւատամ, թէ անբնական է ու տիեզերական օրէնքի ժխտումը, որ մարդկային արիւնները չալեկոծին ու նահատակները աւելի «քան զաւազ ծովու» չհրաբխին անապատներէն, կը գրեմ նոր Ծննդոցը — միաբանեան Հայութեան։

Իմ խօսքս անոնց է, որ երիտասարդ են, երիտասարդ են հոգիով ու զերծ՝ զառամած ուղեղներու դատումներէն։

Անոնց, որ անապատներու աւազներով մկրտուեցան ու այսօր քաղաքներու ճահիճներուն դէմ իրենց գոյութեան պայքարը կը մղեն։

Անոնց, որ դիակներ համրելէն յոգնեցան եւ այսօր կը յամառին դիակնացումի դէմ իրենց սրտի բաբախիւնը պահել։

Անոնց, որ իրենց հարազատներու ոսկորներով կերակրուեցան ու ապրեցան եւ այսօր ճերմակ հացով կը թունաւորուին։

Անոնց, որ իրենց հօր դիակը անթաղ թողուցին, մօր հետքը կորսնցուցին անապատներու մէջ, քրոջ պատիւին ծախուիլը տեսան թրքական բազարներու մէջ, եղբօր խոշտանգուած դիակին վրայ կոխկռտելով փախան այսահար։

Անոնց, որ իրենց շէն տնակներու աւերակներու մոխիրներէն ճողոպրեցան եւ իրենց վերքերէն թորող արիւններով իրենց պապակը յագեցուցին։

Անոնց, որ որբի եւ գաղթականի թոյնը ցմրուր խմեցին, հորիզոնէ հորիզոն։

Եւ վերջապէս անոնց, որ այսօր, ամէն օր մահին դէմ կը պայքարին ու ամէն գիշեր սրբազնագոյն միակ աղօթք՝ իրենց քալած ճամբային զարհուրանքովը կը մտնեն խշտեակի մը կեղտերուն մէջ։

Խօսքս անոնց է, որոնց մէջ կը տեսնեմ անծանօթ Մովսէսը հայ տառապանքին եւ հայ Իսրայէլը, որ գիտէ անապատներեն անցնիլ ու ծովերը ճեղքել դէպի Աւետեաց երկիր երթալու ուխտով։

Մէկ է վրէժը եւ Հայն անոր առաքեալն է։
Վրէժէն զատ աստուած չպաշտես։

Ներբեռնեք գիրք Շահան Նաթալի «Թուրքերը եւ Մենք», книга на русском по ссылке.